2015-10-09 09:41:00

Կարդինալ Քոքքոփալմէրիօ` ''Սիւնհոդոսի մէջ կը տիրէ եղբայրական մթնոլորտ''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Հակառակ կարգ մը հաղորդամիջոցներու մէջ նշուած տեղեկութիւններուն Սիւնհոդոսին մէջ ապրուած մթնոլորտը յատկանշուած է եղբայրութեան  հոգիով'' յայտարարած է`  քահանայապետական օրէնսդրական փաստաթուղթերու խորհուրդի նախագահ` Կարդինալ ՔոքքոփալմէրիօՌատիովատկանին հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին բացայայտելով թէ այդ մէկը` եղբայրութիւնը, մեծ ու դրական արժէք մըն է։

Կարդինալ Քոքքոփալմէրիօ ապա նշած է թէ Եկեղեցին նախ հայեացքը ուղղելու է անձին ու ետքը վարդապետութեան, նայելով անհատի տառապանքին, անոր կարիքներուն ու վարդապետութեան լոյսին տակ գտնելու այդ հարցերուն պատասխանները։

Կարդինալ Քոքքոփալմէրիօ ապա յայտնած է թէ սիւնհոդոսը վարդապետական կամ հովուական պէտք չէ նկատել։ Մէկը միւսին հակասական չեն։ Վարդապետութիւնը եղած է անհատին  ու անոր բարիքին համար մինչ հովուական խնամակալութիւնը անհատի նոյնինքն բարիքն է։

Քահանայապետական օրէնսդրական փաստաթուղթերու խորհուրդի նախագահը` խօսելով ապա սիւնհոդոսական հայրերու գաղափարներու զանազանութեան մասին ըսած է թէ այդ մէկը հարստութիւն մըն է, եւ թէ  առ աւելի հարստութիւն է այն իրողութիւնը որ սիւնհոդոսական հայրերը ազատ օրէն կարող են արտայայտել իրենց գաղափարները։ Մենք – ըսած է Կարդինալ Քոքքոփալմէրիօ կը վստահինք Սուրբ Հոգիին ու Անոր կը դիմենք աղօթքով Անորմէ հայցելով նեցուկ եւ օգնութիւն աշխատանքներու յաջողութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.